ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Թունճելիի Փերթէք գաւառակէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցած հետաքրքրական իրադարձութիւն մը այսօր արձագանգ գտած է տեղական մամուլին մօտ։ Այսպէս, 20 յունուարին Քումրու Աքքայայի բնակարանի դրան վրայ գրուած է հետեւեալը. «Սատկէ հայու սերմ»։ Այնտեղ թողուած է նաեւ Քալաշնիքով հրացանի մը փամփուշտը։ Շրջանի բնակիչներուն մեծ վրդովմունքին պատճառ դարձած է այս դէպքը, որու հիման վրայ ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է հետաքննութեան։ Ի վերջոյ, երեք օր վերջ ոստիկանութեան կողմէ հսկողութեան տակ առնուած Եուրտալ Տաշ խոստովանած է եւ իր տուած ցուցմունքներուն մէջ անդրադարձած՝ դէպքի մանրամասնութիւններուն։ Քումրու Աքքայա ունի որդի մը, որ կը բնակի Գերմանիոյ մէջ եւ ան Եուրտալ Տաշի կնոջը եղբայրն է։ Ան Գերմանիայէն Եուրտալ Տաշին հեռաձայնած է եւ առաջարկած՝ այսպիսի գործ մը կազմակերպել, ինչ որ կրնայ դիւրացնել անոր Գերմանիոյ մէջ ապաստան գտնելը։ Եուրտալ Տաշն ալ շարժման անցած է այս ուղղութեամբ։ Դէպքէն վերջ ոստիկանութիւնը պարզած է բոլոր մանրամասնութիւնները։ Եուրտալ Տաշ, որ ճաշարանի մը մէջ որպէս մատուցող կ՚աշխատէր, հսկողութեան տակ առնուած է։ Իր բնակարանէն ներս յայտնաբերուած է այն ներկը, որով այդ գրութիւնը գրած է դրան վրայ։

Այս դէպքը դրդած Եուսուֆ Ինան Աքքայա 5 փետրուար 2015 թուականին մեկնած է Գերմանիա, տակաւին կը գտնուի այնտեղ եւ կ՚որոնուի՝ հանրապետութեան նախագահը անարգած ըլլալու մեղադրանքով։ 

Այդ դէպքին համար օգտագործուած փամփուշտն ալ ուսումնասիրութեան համար ուղարկուած է Տիարպաքըրի ոստիկանական քրէական տարրալուծարանը։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020