ՄԱԷՍԹՐՕ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ 81 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան երէկ դարձաւ 81 տարեկան։ Ան թէեւ իր կեանքի ամենահասուն շրջանին մէջ է, սակայն երաժշտական գործունէութիւնը յառաջ կը տանի ամբողջ թափով։ Ճանապարհորդութիւններ, համերգներ, նոր ստեղծագործութիւններ, հանդիպումներ… Մաէսթրոյի կեանքի ընթացքը նոյնացած են այս բոլորով։ Ան հայկական երաժշտական արուեստի վառ ներկայացուցիչներէն մին է եւ իր տարիքը բացարձակապէս չի խանգարեր աշխոյժ աշխատանք ծաւալելը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ վաղ առաւօտեան մաէսթրոն արդէն սկսած էր ստանալ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։ Ծննդեան տարեդարձի օրը ան անցուց իր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ։ Օրուան տեւողութեան ան մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնեց իր աշխատանքային ծրագրերը եւ զանազան հարցերու վերաբերեալ մօտեցումները։ Արդէն Տիգրան Մանսուրեան տակաւին նոր վերադարձած էր ճամբորդութենէ մը եւ բոլորովին վերջերս իր ստեղծագործութիւնները հնչած էին Չեխիոյ մէջ կազմակերպուած համերգի մը ժամանակ։

«Գիտէք, խոստովանիմ, որ երբեմն կ՚ուզեմ երիտասարդ տարիքի այս կամ այն թռիչքին անգամ մըն ալ հասնիլ», յայտնեց մաէսթրոն՝ իր ներկայ եւ ապագայ ծրագրերուն վերաբերեալ բացատրութիւններ տալու ժամանակ։

Ան երէկ տեղեկացուց, որ այժմ կ՚աշխատի շատ ծանր գործի մը վրայ, որ յառաջիկայ աշնան պէտք է հնչէ Իտալիոյ մէջ։ Սա մեծ գործ մըն է նուագախումբի, երգչախումբի եւ մեներգիչի համար։ «Այս տարի աշխարհի մշակութային իրականութիւնը կը տօնէ Տանթէ Ալիկիէրիի յոբելեանը։ Երեք երգահանի առաջարկած են, որ իւրաքանչիւրը գրէ ընդհանուր ստեղծագործութեան մէկ հատուածը։ Հատուածներն են՝ դժոխք, քաւարան, դրախտ։ Ինձ առաջարկած են քաւարանը եւ ես համաձայնած եմ։ Իմ մասով ստեղծագործութիւնը պէտք է մինչեւ մարտի վերջը վերջացնեմ», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան եւ աւելցուց, որ Իտալիոյ երեք քաղաքներուն մէջ պիտի հնչէ այդ գործը։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020