ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի մէջ, երէկ, Բանակի օրուան առթիւ, Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս հանդիսաւոր հաւաքոյթին ընթացքին շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներուն շնորհեց նոր կոչումներ՝ ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերուած խիզախութեան ու նուիրումին, հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին ներդրուած աւանդի համար։ Կոչումները յանձնելէ վերջ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը, որու ընթացքին մատնանշեց, որ հայոց բանակը տարածքաշրջանի հզօրներու շարքին է։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր եւ հիւրեր։

Մինչ Հայկական զինեալ ուժերը այսօր կը դառնան 28 տարեկան, Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ այցելեցին «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոն։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատգամին մէջ շեշտեց, որ հայկական բանակը ազգային միասնականութեան եւ համախմբման կենդանի մարմնացումն է։

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020