ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԼԱՒԱՏԵՍ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ սկսած երկխօսութեան ծիրէն ներս հնարաւորութեան պատուհան մը գոյութիւն ունի։ Ըստ իրեն, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վերջին խորհրդակցական հանդիպումը անցած է դրական մթնոլորտով։ Ըստ Չավուշօղլուի, անցեալ տարի Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները ծանր փորձութեան մը ենթարկուեցան։ Մերձաւոր Արեւելքի, Կիպրոսի, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Կովկասի կտրուածքով կարեւոր իրադարձութիւններ ապրուեցան։ ԵՄ դեկտեմբերի գագաթաժողովին ձեռք երկարեց Թուրքիոյ եւ դրական պատասխան ստացաւ։

«Հիմա Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ վերանորոգ երկխօսութեան համար հնարաւորութեան պատուհան մը ունինք։ Թուրքիա՝ իբրեւ լիիրաւ անդամակցութեան թեկնածու երկիր, ամենաբարձր մակարդակի վճռակամութիւնով պատրաստ է իսկական գործընկերութեան մը», ըսաւ Չավուշօղլու։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021