ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հաստատեց՝ երկրէն ներս նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները իրականացնելիք բարեփոխումներու խորհուրդի կազմն ու գործունէութեան կարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան։

11 հոգիէ բաղկացեալ այս խորհուրդին մէջ ի պաշտօնէ ընդգրկուած են իրաւական, արդարադատական կամ մարդու իրաւանց ոլորտներու պետական կառոյցներէն դէմքեր, հասարակական կազմակերպութիւններէ կամ քաղաքական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական հարցերով մասնագէտ մը։ Մինչեւ այս տարուայ դեկտեմբերի 28-ը այս յանձնաժողովը պէտք է մշակէ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծը՝ զայն ներկայացնելով վարչապետի աշխատակազմին։ Իսկ մինչեւ 30 յունիս 2023 թուականը յանձնաժողովը պէտք է հաստատէ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը՝ զայն նոյնպէս ներկայացնելով վարչապետի աշխատակազմին։

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022