ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։ Ան յայտնեց, որ Մոսկուա այս ուղղութեամբ կը շարունակէ սերտօրէն աշխատիլ Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ 26 նոյեմբեր 2021 թուականին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան իրագործման ուղղութեամբ ռուսական կողմը սերտ աշխատանք կը տանի իր գործընկերներուն հետ։ Այդ յայտարարութեան մէջ նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման նպատակով երկկողմանի յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը՝ Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ։

«Վստահ եմ, թէ սահմանազատման գործընթացի սկիզբը կը կանխէ սահմանային դէպքերը եւ ընդհանուր առմամբ կարեւոր նպաստ մը կ՚ապահովէ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Կ՚իրականացնենք առարկայական շփումներու ծրագիր մը, որու արդիւնքներուն շուրջ պիտի տեղեկացնենք», յայտնեց ռուս դիւանագէտը։

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022