ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքէն շատ յայտնի ու նոյնքան տաղանդաւոր բժիշկի մը շնորհուած է փրոֆեսէօրի կոչում։ Այս պատուաբեր նուաճումը ապահոված է վիրահատ Մանուկ Մանուկեան, որ ներկայիս բարձրացած է գիտական աստիճանի գագաթին։ Սա իր երկար տարիներու յամառ ու նուիրեալ աշխատանքի արդիւնքն է, նաեւ տրամաբանական շարունակութիւնը։ Արդարեւ, երկար ժամանակէ ի վեր ան առողջապահութեան կալուածէ ներս կը դասուէր հեղինակութիւններու շարքին, բժշկական կալուածէ ներս իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր եւ ներկայիս արձանագրած յաջողութիւնը եկած է վերահաստատել այդ բոլոր հանգամանքները։

Փրոֆ. Տքթ. Մանուկ Մանուկեան 28 Փետրուար 1971 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ Նախակրթութիւնը Մխիթարեան վարժարանի մէջ ստանալէ վերջ յաճախած է Նշանթաշըի «Անատոլու» լիսէն։ Աշակերտական փայլուն շրջանէ մը վերջ յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի Բժշկական ֆաքիւլթէն։ Նոյնպէս յաջող ուսանողական շրջանէ մը վերջ իր մասնագիտութիւնը խորացուցած է վիրաբուժութեան ուղղութեամբ։ Ընդհանուր վիրաբուժութեան մարզին մէջ արձանագրած է յարատեւ վերելք։ Աշխատած է Հայտարփաշայի «Նումունէ» հիւանդանոցին, «Մարմարա» համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէին մէջ։ Միջոց մը պաշտօն վարած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէ ներս։ Վերջին տարիներուն ան «Մալթեփէ» համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէէն ներս յառաջ տարած է իր գործունէութիւնը, ընթացքին եղած է նաեւ յարակից հիւանդանոցի փոխ-բժշկապետը։ Կ՚անդամակցի շարք մը մասնագիտական կազմակերպութիւններու թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Հեղինակած է բազմատասնեակ գիտական յօդուածներ եւ գիրքեր։ Բժշկական նիւթերու շուրջ կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ։

Փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան որդին է Վռամշապուհ-Հերանոյշ Մանուկեան ամոլին։ Ունի եղբայր մը՝ յայտնի տնտեսագէտ Շանթ Մանուկեան։ Ան ծոռն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։

Տարիներէ ի վեր ծաւալած բեղուն գործունէութեան ի շարունակութիւն Մանուկ Մանուկեան վերջերս արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման։ Այս իրադարձութիւնը ստեղծած է շատ դրական արձագանգ եւ մեծ ուրախութեամբ ընկալուած՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Ինչպէս միւս գիտական ճիւղերու պարագային, այնպէս ալ բժշկութեան կալուածին մէջ դարերէ ի վեր բազմաթիւ հայեր լուրջ նպաստ բերած են մեր երկրի զարգացման։ Պատմութեան հոլովոյթին մէջ կարելի է վերյիշել բազում անուններ, որոնք այսօր կը համարուին խորհրդանշական մեծութիւններ։ Մանուկ Մանուկեանի փրոֆեսէօր դառնալով այդ շղթային վրայ կ՚աւելնայ օղակ մը եւս։ Այդ պատուոյ փաղանգը կը լրամշակուի նոր, պայծառ ու եզակի դէմքով մը, որու գիտական աշխատանքին արդիւնքը հպարտութեան համազօր է մեր համայնքին տեսակէտէ։

Թէ՛ իր գործած հիւանդանոցներուն եւ թէ դարմանատան մէջ ընդունած հիւանդներուն տեսակէտէ Փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան կը մարմ-նաւորէ կերպար մը, որ կը ներշնչէ վստահութիւն եւ ան բոլորին դարմանումը կ՚իրականացնէ նախ եւ առաջ շահելով անոնց սիրտը՝ իր համեստ ոճով եւ գիտական լրջութեամբ։ Ան համբաւ ձեռք բերած է որպէս շրջահայեաց բժիշկ, որ առանց պաղարիւնութենէ հեռանալու հաշուի կ՚առնէ բոլոր վարկածները եւ ունի ախտաճանաչման բարձր ընդունակութիւններ, ինչ որ իր յաջողութեան գրաւականներէն մին կը հանդիսանայ։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Փրոֆ. Տքթ. Մանուկ Մանուկեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018