ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Իրանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Փաշինեան ընդունուեցաւ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։ Ալի Խամանէյ ողջունեց Հայաստանի վարչապետի այցելութիւնը ու նշեց, որ տեղեկութիւններ քաղած է երէկուան բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին։ Ան աջակցութիւն յայտնեց երկկողմանի բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացման եւ այդ ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերուն համար։ Խամանէյ առանձնակի կարեւորեց տնտեսական համագործակցութեան խթանումն ու ընդլայնումը։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացմամբ եւ ընդլայնմամբ։ Վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ժողովրդական յեղափոխութեան։ Իր կարգին, Խամանէյն ալ նշեց, որ ուշադրութեամբ հետեւած է Հայաստանի գործընթացներուն, որոնք տեղի ունեցան ժողովրդական կանոններով եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային զանազան խնդիրներուն։ Այս ամողջին մէջ Փաշինեան եւ Խամանէյ համակարծիք գտնուեցան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ օրուան տեւողութեան Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ ալ ունեցաւ հանդիպում մը։

Բաց աստի, օրուայ վերջաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արարատ» մարզական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Այլեւս չունինք Հայաստանի օրակարգ եւ սփիւռքի օրակարգ, ունինք համազգային օրակարգ, որու նպատակը համազգային նպատակներու իրագործումն է»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019