ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի՝ յառաջիկայ ապրիլին նախատեսուած դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան օրակարգի հարցերուն։

Զրուցակից ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններու գործադրութեան ընթացքին շուրջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան վերջին օրերուն «Սփութնիք-Արմենիա» լրատուական գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած՝ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագրին շուրջ։ Անդրադառնալով Երեւանի վերաբերմունքին՝ Վահան Յունանեան ըսաւ. «Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ հաստատուած միջպետական դաշնակցային համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ, իր բնոյթով ինքնաբաւ է ու որեւէ կերպով պայմանաւորուած չէ երրորդ երկիրներու հետ յարաբերութիւններով, եթէ անոնք կողմերը չեն զարգացներ ի վնաս հայ-ռուսական դաշնակցութեան։ Այս մասին կը վկայեն նաեւ պատմութիւնն ու կնքուած փաստաթուղթերը։

«Երեւանն ու Մոսկուան զանազան մակարդակներու վրայ՝ ներառեալ բարձր ու բարձրագոյն, հետեւողականօրէն քայլերու կը ձեռնարկեն յարաբերութիւնները թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ ընդլայնելու ուղղութեամբ՝ ի շահ անվտանգութեան երաշխաւորուած պայմաններու մէջ մեր երկիրներու զարգացման։

«Կը յուսանք, թէ Մոսկուայի մէջ փետրուարի 22-ին ստորագրուած հռչակագիրը յաւելեալ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ յառաջ մղելու համար Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած եռակողմանի երեք յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացումը, ինչ որ կրնայ նպաստել նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական ու համապարփակ կարգաւորման»։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022