ԱՊԱՄԻՋՈՒԿԱՅՆԱՑՈՒՄ

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ուն երէկ հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը առաջին անգամ արտերկրեայ այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ՝ պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր։ Փեքինի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քիմ Եոնկ Ուն Չինաստանի նախագահին յայտնած է, որ պատրաստ է քորէական թերակղզիի ապամիջուկայնացման։ Վերլուծաբաններու դիտարկումներով, Քիմ Եոնկ Ուն կը փափաքի իր երկիրը դուրս բերել մեկուսացումէ եւ ձերբազատուիլ այն ծանր պատժամիջոցներէն, որոնք սահմանուած են ըստ էութեան արեւմտեան երկիրներուն կողմէ՝ ի պատասխան Հիւսիսային Քորէայի պալիսթիք հրթիռներու եւ միջուկային փորձարկումներու։

Հիւսիսային Քորէայի ձեռք բերած միջուկային զէնքերը մտահոգութեան պատճառ են ամբողջ աշխարհի մէջ։ Չինաստան կը հանդիսանայ այն հիմնական երկիրը, որ կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել Հիւսիսային Քորէայի վրայ։

Հարկ է նշել, որ Քիմ Եոնկ Ուն յառաջիկային հաւանաբար տեսակցի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հարաւային Քորէայի ղեկավարին հետ։

Հիւսիսային Քորէայի նախագահին շփումները տեղի ունեցան 25-28 Մարտին։ Չինական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւնները անցած են յաջող։ Քիմ Եոնկ Ուն չինացի ղեկավարին երաշխիք տուած է, որ հաւատարիմ պիտի մնայ հիւլէական ապազինման վերաբերեալ իր խոստման։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, եթէ ԱՄՆ եւ Հարաւային Քորէա այս բարեացակամութեան փոխադարձեն դրական ձեւով եւ եթէ վճռական քայլերու ձեռնարկեն՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան միջավայրի մը ձեւաւորման համար, ապա քորէական թերակղզին կրնայ զտուիլ հիւլէական զէնքերէ։ Հիւսիսային Քորէայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ այցելութիւնը որակեցին պատմական։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018