ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի սկսի ապրիլի 1-ին։ Աննա Յակոբեան կը գլխաւորէ «Իմ քայլը» եւ «City of smile-Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձութիւնները։ Այցելութեան ընթացքին Աննա Յակոբեանին պիտի ընկերանան վերոյիշեալ երկու բարեգործական հիմնա-դըրամներու գործադիր տնօրէնները՝ Յովհաննէս Ղազարեան եւ Էսթեր Տեմիրճեան։ Ուաշինկթընի մէջ Աննա Յակոբեան պիտի այցելէ ԱՄՆ-ի քոնկրէսի գրադարանը, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ կին խորհրդարանականներուն հետ։ Իսկ Լոս Անճելըսի մէջ Աննա Յակոբեան պիտի մասնակցի Հայաստանի հիւպատոսութեան 25-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկին։

Իր կեցութեան տեւողութեան Աննա Յակոբեան մասնակցութիւն պիտի բերէ բարեգործական շարք մը ընթրիքներու, պիտի ունենայ երկկողմանի հանդիպումներ՝ ներկայացնելու համար վերոյիշեալ երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնն ու ծրագրերը։

Մեմֆիս քաղաքի St. Jude (Սուրբ Յուդա) մանկավարժական հետազօտական հիւանդանոցին հետ Աննա Յակոբեան պիտի ստորագրէ յուշագիր մը՝ յանուն «City of smile-Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնին։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019