ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ ԵԽԽՎ-ի նախագահը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ԵԽԽՎ-ի նախագահին հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան ուժեղացումն ու զարգացումը շարունակական գործընթաց մըն է։ Հայաստանի գործընթացներն ալ ուղղուած են ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետեւողական ամրապնդման։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լիլիան Մորի-Փասքիէի զրոյցի ընթացքին եւս օրակարգի վրայ եկան Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան Եւրոխորհուրդի եւ ԵԽԽՎ-ի լիարժէք անդամ է ու շահագրգռուած՝ զարգացնել եւրոպական կառոյցներու հետ համագործակցութիւնը։ Վարչապետը նշեց, որ հայկական կողմը այդ գործակցութիւնը կը դիտարկէ ժողովրդավարութեան չափանիշները բարձրացնելու ամբողջին մէջ։ Կառավարութիւնը պիտի ներդնէ առաւելագոյն ջանքեր՝ լաւագոյնս ապահովելու համար այդ նպատակը։ Իր կարգին, ԵԽԽՎ-ի նախագահն ալ մատնանշեց, որ Հայաստանի քաղաքացիները կարողացած են խաղաղ ճանապարհով հասնիլ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու եւ սա շատ լաւ ձեռքբերում մըն է երկրին տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ այս առաւօտ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Լիլիան Մորի-Փասքիէի։ Այսպէս, Հիւսիսային պողոտայի գլխաւոր հրապարակը անուանուեցաւ՝ որպէս Եւրոպայի հրապարակ։ Այս կարգադրութիւնը կատարուած է ի նշանաւորումն Եւրոխորհուրդի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին։ Հրապարակի անուանման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, Լիլիան Մորի-Փասքիէ եւ այլք։ Ներկայ էին Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ եւ այլ հիւրեր։  

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019