ԼՈՆՏՈՆԻ ՓԱԿՈՒՂԻՆ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ

Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս երէկ դարձեալ քուէարկութիւններ տեղի ունեցան BREXIT-ի շուրջ։ Օրակարգի վրայ էին ութ տարբերակներ, որոնց բոլորն ալ մերժուեցան խորհրդարանին կողմէ։ Երեսփոխանական ժողովի քուէարկութեան արդիւնքները հերթական անգամ ապացուցանեցին, որ փակուղիի մէջ կը գտնուի երկրի ԵՄ-ի կազմէն դուրս գալու ձեւերը։

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019