ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց, որ քորանաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի բերումով նոր սահմանափակումներ հաստատուած են բովանդակ երկրէն ներս։

Երէկ, Անգարայի մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ, համաճարակի դէմ պայքարի Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Ֆահրետտին Քոճա այս ժողովէն վերջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով անդրադարձաւ որդեգրուած մօտեցումներուն եւ այս հիման վրայ յարմար նկատուած յաւելեալ միջոցներուն։ Նախարարը տեղեկացուց, որ այդ բոլորը Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի նկատառման յանձնուած են անմիջապէս։

Այս բացատրութիւններէն շատ կարճ ժամանակ անց Էրտողան արդէն յայտնուեցաւ տեսախցիկներու դիմաց եւ ուղիղ եթերով ժողովուրդը տեղեակ պահեց ձեռք առնուած նոր նախազգուշական միջոցներուն մասին։

Այսպէս, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի երկրի բոլոր քաղաքացիները զոհողութիւն եւ դիմադրութիւն ցուցաբերեն։ «Առանց ստիպողութեան չօգտագործենք հանրային փոխադրամիջոցները։ Բացառութեամբ անհրաժեշտ գնումները՝ պայման է, որ տունէն դուրս չգանք։ Եթէ կ՚ուզենք աւելի խիստ նախազգուշական միջոցներէ զերծ մնալ, ապա կամաւոր ձեւով պէտք է հնազանդինք մեկուսացման պայմաններուն։ Այսինքն մեր տուներէն դուրս պիտի չգանք», ըսաւ Էրտողան։

Երէկ սահմանուած յաւելեալ նախազգուշական միջոցներու հիման վրայ՝ Թուրքիոյ մէջ էապէս սահմանափակուած են միջքաղաքային ճամբորդութիւնները։ 30 քաղաքի պարագային մուտքն ու ելքը կուսակալութիւններու թոյլտուութեամբ պիտի կատարուի։ Դէպի արտասահման բոլոր թռիչքները վերջնականօրէն կասեցուած են։ Հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ ուղեւորները խիտ ձեւով պիտի չնստին։ Ինչպէս հանրայինը, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածը նուազագոյն աշխատողներով արտադրական ճկուն դրութեան մը պիտի անցնին։ Զբօսանքի բացօթեայ տարածքները, անտառները շաբաթավերջերուն փակ պիտի ըլլան, իսկ շաբթուան մէջ արգիլուած պիտի ըլլայ այդ տարածքներէ ներս հաւաքական, խմբային ներկայութիւնը։ Զօրակոչներու եւ զօրացրումներու կարգադրութիւնները ենթակայ պիտի ըլլան 14 օրուայ կանոնին։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ անհրաժեշտութեան պարագային նոր միջոցներ ձեռք պիտի առնուին։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Քոճա երէկ հրապարակեց նաեւ համաճարակի վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Այսպէս, վերջին 24 ժամուայ ընթացքին յայտնաբերուած է 2 հազար 69 նոր վարակեալ։ Երէկ քորոնաժահրի հետեւանքով մահացած է 17 հոգի։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 92-ի։ Երէկուան նոր հիւանդները յայտնաբերուած են կատարուած 7 հազար 533 նմուշառումներու հիման վրայ։

Նախարար Քոճա շեշտեց, որ ամենակարեւոր նախազգուշական միջոցը մեկուսացումն է։ Ընկերային շարժը պէտք է իջեցուի նուազագոյնի։ Գիտնականները երկրի 83 միլիոն քաղաքացիներուն համար խորհուրդ կու տան ժամանակաւոր ձեւով որդեգրել համապատասխան ապրելակերպ մը։ «Համոզուած եմ, թէ հիւանդութիւնը պիտի կասեցնենք», ըսաւ Քոճա։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020