ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ ապահովելու համար հրադադարը եւ կասեցնելու համար առկայ մարդասիրական ողբերգութիւնը։ Նախագահ Էրտողան այս շրջանակին մէջ անմիջական կապ կը պահէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի վերջին վիճակն ու բանակցային գործընթացները։ Էրտողան հերթական անգամ դիտել տուաւ, որ հրադադարն ու խաղաղութիւնը ժամ առաջ պէտք է հաստատուին եւ տարածաշրջանէ ներս մարդասիրական կացութիւնը պէտք է բարելաւուի։ Այս գործընթացէն ներս Թուրքիա պիտի շարունակէ ամէն տեսակ նպաստ բերելու։ Էրտողան եւ Փութին համամիտ գտնուեցան, որպէսզի Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի տանտիրութեամբ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցած էին Թուրքիոյ մէջ՝ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս։ Զուգահեռաբար՝ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի նախագահներուն միջեւ տեսակցութիւն մը ապահովելու համար դառնայ միջնորդ։

Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ երէկ գոյացած փոխըմբռնման լոյսին տակ Չավուշօղլուն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, թէ Թուրքիա կը գիտակցի՝ հակամարտ կողմերու իրեն նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան պատասխանատուութիւնը։ Ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը նախագահը յոյս յայտնեց, թէ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած ժողովները խաղաղութեան առիթ կը դառնան՝ աւարտելով հրադադարի որոշումով։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022