ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին շնորհուեցաւ Ս. Աթոռի բարձրաստիճան պետական շքանշաններէն մին։ Առաքելական պալատէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին այդ շքանշանը դեսպան Կէօքթաշին յանձնուեցաւ՝ Վատիկանի փոխ-վարչապետ Էտկար Փենա Փարրա Արքեպիսկոպոսին կողմէ։

Դեսպան Կէօքթաշին յանձնուած «Պիոս» շքանշանը հաստատուած է 1847 թուականին՝ Պիոս Դ. երջանկայիշատակ պապի կոնդակով։ Այդ թուականէն ի վեր այս շքանշանը քահանայապետներու կողմէ կը յանձնուի օտարերկրեայ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու իրաւասուներուն կամ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն։

Հարկ է նշել, որ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշ շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Վատիկանի մէջ։ Նախապէս ան արժանացած էր նաեւ Իտալիոյ պետական շքանշանին։

Դեսպան Կէօքթաշ երկար ժամանակ եղած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը։ Ան իր ուսումը ստացած է Վատիկանի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022