«ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»Ի ՇԱՐԺՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ներս ներ­կա­յիս տե­ղի կ՚ու­նե­նան նոր խմո­րում­ներ։ Ծա­նօթ է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան վեր­ջին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին եր­կի­րը ան­ցում պի­տի կա­տա­րէ դէ­պի խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կարգ։ Հե­տե­ւա­բար, յա­ջորդ տա­րուան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներն ալ պի­տի ու­նե­նան ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն ծնունդ կ՚առ­նէ նոր կու­սակ­ցու­թիւն մը, որ կը կո­չուի «Հա­մախմ­բում»։ Նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիրն է երկ­րի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը՝ այժմ ե­րես­փո­խան Վար­դան Օս­կա­նեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Օս­կա­նեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ներ­կա­յիս նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին «Հա­մախմբում» կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր հա­մա­գու­մա­րին հա­մար։

«Սկզբուն­քօ­րէն կը մեր­ժենք իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն հար­թու­թեան վրայ ա­մէն ին­չի բա­ժա­նու­մը սե­ւի եւ սպի­տա­կի։ Մենք վեր պի­տի մնանք ձե­ւա­ւո­րուած այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն։ Հա­յաս­տան մեր ընդ­հա­նուր տունն է եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ու­նի միաս­նա­կան շա­հեր։ Հա­յաս­տան մեր տունն է, ուր կան ոչ թէ թշնա­մի­ներ, այլ մրցա­կից­ներ։ Առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լու հա­մար մենք պատ­րաստ ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան ու­ժե­րուն եւ այն բո­լոր շրջա­նակ­նե­րուն հետ, ո­րոնք խոր­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը տես­նեն ու կը բաժ­նեն մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, մեր շեշ­տադ­րում­նե­րը եւ մեր նպա­տա­կը։ Մե­զի պէտք է իս­կա­կան հա­մախմ­բում, որ պի­տի ըլ­լայ ոչ թէ մէկ ան­ձի կամ ան­ձե­րու շուրջ, այլ յա­նուն գա­ղա­փա­րի եւ ա­ռանց­քա­յին խնդիր­նե­րու լուծման», նշուած է Վար­դան Օս­կա­նեա­նի հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Վար­դան Օս­կա­նեա­նի ա­ռըն­թեր, «Հա­մախմ­բում» կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու շար­քին կը գտնուին տնտե­սա­գէտ Անդ­րա­նիկ Թե­ւա­նեան, ե­րես­փո­խան­ներ՝ Է­լի­նար Վար­դա­նեան, Ստե­փան Մար­գա­րեան եւ Վա­հէ Յով­հան­նի­սեան, քա­ղա­քա­գէտ Ե­րուանդ Բո­զո­յեան, ա­զա­տա­մար­տիկ Մա­նուէլ Ե­ղիա­զա­րեան, քա­ղա­քա­գէտ Գե­ղամ Նա­զա­րեան, հո­գե­բան Վա­հան Ղու­յում­չեան, պատ­մա­բան ու դի­ւա­նա­գէտ Ռու­բէն Կա­րա­պե­տեան, բե­մադ­րիչ Վա­հէ Հախ­վեր­դեան, քա­ղա­քա­գէտ Նի­նա Մար­գա­րեան, գոր­ծա­րար Վար­դան Թով­մա­սեան եւ ա­րե­ւե­լա­գէտ Ար­տակ Բշտի­կեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016