ԱՐԴԷՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ

Փա­րի­զի մէջ ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­հա­բեկ­չու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն Ապ­տիւլ­սե­լամ Սա­լահ, որ վեր­ջերս Պրիւք­սէ­լի մէջ ձեր­բա­կա­լուած էր Պել­ժիոյ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ, ար­դէն յանձ­նուած է Ֆրան­սա­յին։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն ան Պել­ժիա­յէն տա­րուե­ցաւ Ֆրան­սա, ուր ի­րեն ներ­կա­յա­ցուե­ցան մե­ղադ­րանք­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Տեր­նիէր Էօր» պել­ժիա­կան թեր­թի կայ­քէ­ջը տե­ղե­կա­ցուց, որ ան Ֆրան­սա տա­րուած է՝ դուրս բե­րուե­լով իր գտնուած բան­տէն։ Բան­տի աղ­բիւր­նե­րը ընդգ­ծած են, որ յան­ցա­գոր­ծի յանձն­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րուած է խիստ գաղտ­նու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ եւ այդ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ եզ­րա­փա­կուած բա­րե­յա­ջող ձե­ւով։ Ներ­կա­յիս Ապ­տիւլ­սե­լամ կը գտնուի ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Իր ձերբակալումէն վերջ Պրիւքսէլի մէջ ալ տեղի ունեցած էին ահաբեկչա-կան դէպքեր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016