ՃՆՇՄԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րու ազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Հա­լիտ Հո­ճա «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Սու­րիա­յէ ներս կը ծա­ւա­լի Ի­րան-Ռու­սաս­տան ա­ռանց­քին ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, այս ե­րե­ւոյ­թը յա­ռա­ջա­ցած է այն պատ­ճա­ռով, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ դէմ է անվ­տան­գու­թեան գօ­տի­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման, իսկ այդ գօ­տի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րու­մը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դի փրկու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի գլխա­ւո­րած ղե­կա­վա­րու­թեան եւ երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բարձր կո­մի­տէն վեր­ջին շրջան­նե­րուն Ժը­նե­ւի մէջ վերս­տին ու­նե­ցան հան­դի­պում­ներ։ Մեկ­նա­բա­նե­լով ար­դիւնք­նե­րը՝ Հա­լիտ Հո­ճա շեշ­տեց, թէ ԱՄՆ առ­կայ կրա­ւո­րա­կան դիր­քո­րո­շու­մով կը ստեղ­ծէ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ կռնա­կը դար­ձած է տա­րած­քաշր­ջա­նին։ Ո­ւա­շինկ­թըն մեր­ժած է անվ­տանգ գօ­տի­նե­րու ստեղ­ծու­մը, ինչ որ դաշ­տը կը թո­ղու Ի­րան-Ռու­սաս­տան ա­ռանց­քին։ Բնա­կա­նա­բար Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան այս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը լաւ օգ­տա­գոր­ծե­լով ի­րենց դիր­քե­րը կ՚ամ­րապն­դեն ոչ միայն Սու­րիոյ, այլ նաեւ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։

Հա­լիտ Հո­ճա­յի խօս­քե­րով, Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն կը պաշտ­պա­նեն քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մը։ Ա­նոնք ՄԱԿ-ի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տը Միս­թու­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցած են աշ­խա­տանք մը՝ քա­ղա­քա­կան ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց տես­լա­կա­նին շուրջ։ Ըստ Հա­լիտ Հո­ճա­յի, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին, երբ որ վար­չա­խում­բին կող­մէ պա­տաս­խան մը գայ։ Այս պա­հուն ան­կա­րե­լի է քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մի մը մա­սին խօ­սիլ, ո­րով­հե­տեւ վար­չա­խում­բը դէմ է քա­ղա­քա­կան լուծ­ման։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ճնշում կամ ուժ գոր­ծադ­րե­լով պէտք է ա­պա­հո­վէ, որ վար­չա­խում­բը սե­ղա­նի գլուխ նստի՝ քա­ղա­քա­յին ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016