Տիգրան Համասեանի «Լոյս Ի Լուսոյ» Ներկայացումը Հոլիվուտի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Մշակութային հարցերու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ՝ Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկին, Ուրբաթ, Ապրիլ 29-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ արուեստի իւրայատուկ հանրային ներկայացում մը, որու ընթացքին Տիգրան Համասեան պիտի կատարէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու եւ հայ հոգեւոր երգերու իր իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները համադրող «Լոյս ի լուսոյ» համերգը։ Ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթին, Հոլիվուտ եւ Ուեսթըրն թաղերու խաչմերուկին կայանալիք սոյն ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր, իսկ անոր մասնակցութիւնը անվճար է։
«Լոյս ի լուսոյ» նախագիծը համերգաշար մըն է. Համասեան ու Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը, Յարութիւն Թոփիկեանի խմբավարութեամբ, կը շրջին տարբեր երկիրներ, տարբեր եկեղեցիներու մէջ հնչեցնելով հայոց շարակնոցէն ընտիր նմոյշներ։ Աշխարհահռչակ դաշնակահարը իր «Լոյս ի լուսոյ»ի համերգներու շարքին, սկսած է Մարտ 2015-ին, Երեւանի մէջ, որմէ ետք նոյն համերգը ներկայացուցած է Անիէն ու Կարսէն, անցնելով Վանի Աղթամարէն, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոսէն ու Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածնէն։ «Լոյս ի Լուսոյ»ն ներկայացուած է նաեւ՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Պելժիոյ, Զուիցերիոյ, Չեխիոյ, Իրլանտայի, Լիւքսեմպուրկի, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Կիւմրի նծած Տիգրան Համասեանի նոյն անունը կրող սոյն ստեղծագործութեանց ալպոմը հրապարակուած է հեղինակաւոր ECM ընկերութեան կողմէ: