ԾԽԵԼՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Յորդանանի արքայադուստր Տինա Մայրէտ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր կ՚արժանանայ շատ ջերմ ընդունելութեան։ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի (նախկին առողջապահութեան նախարար) ուղեկցութեամբ ան երէկ այցելեց երկրի պատմամշակութային տեսարժան վայրերը եւ տարրական պատկերացում մը կազմեց Հայաստանի ժառանգութեան շուրջ։ Այսպէս, Յորդանանի արքայադուստրը այցելեց Գառնի, Գեղարդ եւ այլ շարք մը հնութիւններ, որոնք բնորոշ են Հայաստանի հինաւուրց պատմութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տինա Մայրէտ երէկ այցելեց նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Արիւնաբանական կեդրոնը, ուր խրախուսեց այն մայրերը, որոնց զաւակները կը բուժուին քաղցկեղի դէմ։ Արքայադուստրը այս այցելութեան ժամանակ անկեղծացաւ իր կեանքի փորձառութիւնը բաժնելով, որովհետեւ ան եւս եղած է մայրը քաղցկեղը յաղթահարած երախայի մը։ «Երբ որդիս հիւանդացաւ՝ 1997-ին, Յորդանան չունէր քաղցկեղի բուժման լաւ մեթոտներ ու մենք պարտաւորուած էինք արտասահման երթալ բուժման համար։ Ինծի համար դժուար էր՝ թէեւ ես արքայադուստր էի։ Որդիիս ապաքինումէն յետոյ ես միացայ քաղցկեղի դէմ պայքարին՝ փորձելու օգնել, որպէսզի բոլոր երախաները ունենան քաղցկեղէ բուժման հաւասար հնարաւորութիւններ։ Ես ու այլ բազմաթիւ մարդիկ տքնաջան աշխատեցանք զերոյէն եւ այսօր մեր քաղցկեղի կեդրոնը տարածքաշրջանի այն սակաւաթիւ յաւակնոտ կեդրոններէն է, որ կը փրկէ հազարաւոր կեանքեր», ըսաւ Տինա Մայրէտ։
Մայրերու հետ զրուցելու ընթացքին արքայադուստրը յայտնեց, որ ինք ներկայիս օգտագործելով իր ընկերային կարգավիճակը՝ կ՚ուզէ օգնել այլ մայրերու եւս, ներառեալ հայերը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Յորդանանի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի քաղցկեղի բուժման ուղղութեամբ։ «Իմ այցելութեան ամենակարեւոր նպատակն էր տեսնել քաղցկեղի բուժման նոր ձեռքբերումները Հայաստանի մէջ։ Տպաւորուած եմ Արիւնաբանական կեդրոնով, բայց ան ունի կարիքը որոշ նոր փորձագիտութիւններու, բուժման նոր մեթոտներու։ Քաղցկեղի վերահսկման միջազգային միութիւնը այն լաւագոյն կառոյցն է, որ կրնայ բաժնել իր փորձառութիւնը, գիտելիքները», ըսաւ արքայադուստրը։
Իր կարգին, Արմէն Մուրատեանն ալ տեղեկացուց, որ Բժշկական համալսարանը արդէն նախաձեռնած է միանալու համար այդ միութեան։ Ըստ իրեն, արքայադուստրը պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ աջակցելու համար Արիւնաբանական կեդրոնի միջազգային հաւաստագրման։
Տինա Մայրէտ Հայաստան այցելեց Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի հրաւէրով։ Ան այցելեց բազմաթիւ բժշկական հաստատութիւններ՝ ծանօթանալով բաժանմունքներու հնարաւորութիւններուն ու թեքնիկ յագեցուածութեան։
Տինա Մայրէտ, որ Քաղցկեղի վերահսկման միջազգային միութեան նոր նախագահն է, Հայաստանի մէջ միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց՝ նախ եւ առաջ պայքարելու համար ծխելու դէմ։