ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՄԱԼԹԱՅԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Մալթայի մէջ կը մասնակցի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախընթաց օր որոշած էր վերստին քաղաքական հակակշիռ սահմանել Թուրքիոյ պարագային։ Այդ որոշումը տեղի տուած էր թրքական կողմի բուռն հակազդեցութեան, թէեւ ԵԽԽՎ-էն հասած էին որոշ մեղմացման ազդանշաններ։ Առկայ իրավիճակին մէջ, այդ որոշման անմիջապէս յաջորդած օրերուն Մալթայի մէջ այսօր առաջին շփումը տեղի կ՚ունենայ Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ։
Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Մալթայի Արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Վելլայի հրաւէրին ընդառաջելով Չավուշօղլու կը մասնակցի այս հաւաքոյթին, որու ձեւաչափը անպաշտօն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տարածքաշրջանային եւ միջազգային արդի իրադարձութիւններուն շուրջ նախարարները կ՚ունենան կարծիքի փոխանակումներ։
Անգարա-Պրիւքսել առանցքին վրայ վերջին շրջանին առկայ է լուրջ լարուածութիւն։ Նման իրավիճակի մը մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի Մալթա մեկնիլը կը համարուի շատ կարեւոր։ Թէ՛ ԵՄ-ի անդամ եւ թէ անդամակցութեան թեկնածու երկիրներու նախարարները ներկայ կը գտնուին Մալթայի մէջ, ուր ամէն խնդիր կ՚արծարծուի բաց ձեւով։
Չավուշօղլուին շուրջ շաբաթ մը առաջ հասցէագրուած այս հրաւէրը բազմակողմանիօրէն արժեւորուած է Անգարայի մէջ եւ ի վերջոյ որոշուած է երթալ ընդառաջ։ Չավուշօղլուի Մալթայի շփումները ունին նաեւ այլ կարեւոր երեսակ մը։ Արդարեւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շուրջ ամիս մը վերջ Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին։ Այդ այցելութեան օրերուն ան բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոմիութեան յառաջատար դէմքերուն հետ։ Հետեւաբար, Չավուշօղլուի Մալթայի շփումները միեւնոյն ժամանակ նախապատրաստական բնոյթ պիտի ունենան՝ Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ։