ԱՄՈՒՐ ՅԵՆԱՐԱՆ
Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն բնորոշել օրակարգը։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, բնականաբար իր հետ բերած է շարք մը հարցումներ։ Ըստ էութեան այդ հարցումները կ՚առընչուի անցումային շրջանին համար ստեղծուելիք ղեկավարութեան։ Որքան որ ալ յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններ ստեղծուած ըլլան Հայաստանի մէջ, յեղափոխութեան առաջնորդը՝ Նիկոլ Փաշինեան այս պահու դրութեամբ ունի ամուր յենարաններ։ Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, ամենայն հաւանականութեամբ ան Մայիսի 1-ին վարչապետ ընտրուի Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ ժամանակաւոր կառավարութիւն մը եւ ընտրութեան պիտի առաջնորդէ երկիրը։ Առնուազն, այսպէս է ներկայ վարկածը։
Հայաստանի մէջ թափով կը շարունակուին քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները։ Այս մթնոլորտին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանրահաւաք մը իրականացուց Կիւմրիի մէջ։ Երեւանէն մինչեւ Կիւմրի ան առարկայ դարձաւ ժողովուրդի մեծ համակրանքին ու զօրակցութեան։ Իսկ Կիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան ան դարձեալ խօսք ուղղեց ծովածաւալ բազմութեան։ Ծանօթ է, որ Կիւմրի Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքն է եւ անկախութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը միշտ աջակցութեան լայն գետին մը գտած են այնտեղ։ Երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան հաւատարիմ պիտի մնայ իր բոլոր միջազգային պարտաւորութիւններուն, պիտի շարունակէ անդամակցիլ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ պիտի մնայ Եւրոմիութեան հետ կնքուած համաձայնագրին։ Բաց աստի, Փաշինեան ընդգծեց, որ իրենք ամենեւին ալ Ռուսաստանի թշնամին չեն։ Անդրադառնալով երկրի վերջին խմորումներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Եթէ ոեւէ մէկը կը կասկածի, թէ մենք ետքայլ պիտի ընենք որեւէ պարագայի մէջ, պարզապէս կը սխալի»։
Փաշինեան շեշտեց նաեւ, որ ինք պատրաստակամ է հանդիպելու վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի եւ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետական կուսակցութեան հետ։ Իր խօսքով՝ ոմանք կը խաղան ընդամէնը ժամանակի վրայ։
Յամենայնդէպս, օրերէ ի վեր ակնկալուած այդ երկխօսութիւնը տեղի չ՚ունենար։ Կարէն Կարապետեանի համոզմամբ, այդպիսի երկխօսութիւն մը կրնայ իմաստ ունենալ, եթէ կողմերը պատրաստակամ ըլլան զիրար լսելու։ Ըստ վարչապետի պաշտօնակատարին, Նիկոլ Փաշինեան կը փափաքի քաղաքական մենաշնորհ ստեղծել երկրէն ներս։ «Եկէք Ազգային ժողով ձեր ծրագրով եւ եթէ ունիք այդ քուէն՝ ստացէք եւ դարձէք վարչապետ», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներէն երեսփոխաններ ալ երէկ յայտարարեցին, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները երբեք պիտի չքուէարկեն Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ դառնալուն ի նպաստ։
Միջազգային յառաջատար դերակատարներն ալ Հայաստանի հրատապ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ։ Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Արմէն Գէորգեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ վերջին օրերուն շփումներ ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ շարք մը եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն հետ, որոնց բացատրութիւններ տուաւ երկրի ընդհանուր վիճակին շուրջ։