ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐ
Դէպի Հնդկաստան աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Մումպայ, որ կը համարուի այդ երկրի ելմտական կեդրոնը։ Ան այց մը կատարեց Մումպայի հայկական առեւտրային գրասենեակը, որ կը գործէ Հայաստանի տեղւոյն պատուոյ հիւպատոսութեան առընթեր։ Մումպայի շփումներուն ընթացքին Արարատ Միրզոյեանին ընկերացան Հայաստանէն գործարարներ։ Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Մումպայի նաւահանգիստը, որ Հնդկաստանի ամենամեծն է։ Այդ նաւահանգիստի միջոցաւ կ՚իրականացուի Հնդկաստանի ծովային բեռնափոխադրութեան աւելի քան կէսը։ Հայկական պատուիրակութիւնը շրջայց մը կատարեց նաւահանգիստէն ներս եւ հիւրընկալուեցաւ կառավարող ընկերութեան կեդրոնակայանէն ներս։ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ այդ կեդրոնէն ներս կազմակերպուած շնորհանդէսի մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան նաւահանգիստի պատմութիւնը, գործունէութեան մանրամասնութիւնները, զանազան ուղղութիւններով բեռնափոխադրումներու հնարաւորութիւնները, աշխարհի տարբեր կէտերու հետ կապերը։ Այս փուլին կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի ունեցան Մումպայի նաւահանգիստէն դէպի Հայաստան բեռնափոխադրումներու իրականացման հնարաւորութիւններուն եւ թեքնիկ մանրամասնութիւններու շուրջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ, Մումպայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանէ եւ Հնդկաստանէ գործարարներու միջեւ հանդիպումներ։