ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յառաջիկայ շրջանին պիտի մէկտեղուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիպզատէ տեղեկացուց, որ եռակողմանի հանդիպումը նախատեսուած է Թեհրանի մէջ։ Ըստ իրեն, վերջին ամիսներուն Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բազմաթիւ համատեղ նախագիծերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է։ «Կը յուսամ, թէ մօտաւոր անցեալին մենք ականատես կ՚ըլլանք անոնց իրականացման», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ օրակարգի վրայ է նաեւ այլ պաշտօնեաներու փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի յաջորդ հանդիպման պատրաստութիւններն ալ ընթացքի մէջ են։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հարթակի երկրորդ հանդիպման կազմակերպչական աշխատանքները սկսած են եւ դռները միշտ բաց մնալ կը շարունակեն Վրաստանի համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022