ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը, որ համակեցութեան ոգիի իւրօրինակ դրսեւորում մը հանդիսացաւ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան մը, որու շուրջ համախմբուեցան ԱՔ կուսակցութենէն յառաջատար դէմքեր եւ մեր համայնքային շրջանակները։ Հիւրերու շարքին էին յայտնի կուսակցականներ՝ Պինալի Եըլտըրըմ, Վոլքան Պոզքըր, որոնք անցեալի մէջ բարձրաստիճան պաշտօններ զբաղեցուցած են, Իսթանպուլի երեսփոխան Ճանան Քալսըն, կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղէն, Շիշլիի տեղական մասնաճիւղէն զանազան դէմքեր, նաեւ դիւանակալներ՝ մանաւանդ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքէն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ մեր բազմաթիւ հաստատութիւններու վարիչներ, նաեւ համայնքային շրջանակներէն գործարարներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ եւս ներկայ էին ընթրիքի սեղանին շուրջ։
Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի եւ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսելի ջանքերով։
Ընթրիքէն առաջ ամփոփ յայտագիր մը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարէն Թէրզեանի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Կէօքհան Եիւքսել եւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, երեսփոխան Ճանան Քալսըն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Վոլքան Պոզքըր, Պինալի Եըլտըրըմ եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Այս փուլին Մանուկ Էօղէր հանդէս եկաւ ուշագրաւ կոչով մը։ Յիշեցնելով, որ երկրի չորս կողմերուն կրթօճախներ կը վերանորոգուին կամ կը վերակառուցուին՝ երկրաշարժի դէմ դիմադրունակ ձեւով՝ Մանուկ Էօղէր ցանկութիւն յայտնեց, որպէսզի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի համալիրն ալ նոյն չափանիշներով եւ սկզբունքներով վերակառուցուի կամ վերանորոգուի պետական միջոցներով։ Ան հրապարակաւ խնդրեց, որ այդ սպասումը յանձնուի իշխանութիւններու նկատառման։
Պինալի Եըլտըրըմն ալ ելոյթին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Հիւրերը ընդունուած ժամուն աղօթելէ վերջ բացին իրենց ծոմը եւ ընթրիքը շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։
Արձակուելէ առաջ բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ՝ մինչ մեր համայնքի ներկայացուցիչները շնորհաւորութիւններ յղեցին նաեւ մօտալուտ Ռամազանի տօնին առթիւ։