Չորեքշաբթի 5, Մարտ 2025
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Այս առթիւ յատկապէս շեշտուեցաւ հայութեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ առկայ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու յանձնառութեամբ։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022