ՅՍՏԱԿ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եիի Երեւան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ան շաբաթավերջին Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չինացի նախարարին հետ կարծիքներ փոխանակեց համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Կողմերը կարեւորեցին կլոպալ եւ տարածքաշրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղեալ համագործակցութիւնը։ Հայկական կողմը երախտագիտութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին շուրջ Փեքինի կողմէ որդեգրուած հաւասարակշռեալ դիրքորոշման համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Վանկ Եիի Երեւան այցելութենէն կարճ ժամանակ առաջ Նիկոլ Փաշինեան այցելած էր Չինաստան, ուր հիւրընկալուած՝ երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Ուստի, չինացի նախարարի Երեւան այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկումներու տեւականացման։ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը շատ դրական վերաբերմունք ունի Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման թափին նկատմամբ։

Ինչպէս Փաշինեանի Փեքինի շփումներուն ժամանակ, այնպէս ալ Վանկ Եիի Երեւանի հանդիպումներուն ընթացքին երկուստեք կարեւորուեցաւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այս մայրուղին կ՚ընկալէ ոչ միայն իբրեւ ճանապարհային ենթակառուցուածք զարգացնելու ծրագիր, այլեւ հաղորդակցութեան միջանցքի ձեւաւորման հնարաւորութիւն։ Ան համոզուած է, որ սա կրնայ կարեւոր օղակ մը հանդիսանալ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան համատեսքին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, սա Չինաստանի կողմէ յառաջ տարուած՝ նոր Մետաքսի ճանապարհի նախաձեռնութիւնն է։ Իր կարգին, չինացի նախարարն ալ ընդգծեց, որ իր երկիրը այս մայրուղիի կառուցման մասնակցութիւն բերել կը ձգտի՝ հաշուի առնելով ծրագրի կարեւորութիւնը թէ՛ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ եւ թէ տարածքաշրջանային զարգացման ու կայունութեան ապահովման առումով։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019