ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ ներկայիս կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երէկ, համանախագահները Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան միջնորդներուն հետ քննարկեց Վիեննայի գագաթաժողովի եւ նախարարներու Մոսկուայի հանդիպման արդիւնքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի բանակցային գործընթացին լիարժէք ներգրաւման, խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորման, մարդասիրական ոլորտէ ներս համագործակցութեան, մարդոց միջեւ շփումներու հաստատման ուղղեալ հարցերուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան եռանախագահութեան ձեւաչափէն ներս իրականացուելիք յետագայ քայլերուն շուրջ՝ ներառեալ համանախագահներու միջնորդութեամբ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ նախատեսուած յառաջիկայ հանդիպման կազմակերպչական հարցերը։

Միջնորդները Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որու կողքին էր Մնացականեան։ Վարչապետի մօտ քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորման խնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ Վիեննայի գագաթաժողովի ժամանակ ապահովուած համաձայնութիւններուն իրականացումը։ Նոյն ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ հրադադարի դրութեան ամրապնդման եւ լարուածութեան տեղի տուող գործողութիւններէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը։ Փաշինեան եւ միջնորդները անդրադարձ կատարեցին նաեւ մարդասիրական հաւանական նախաձեռնութիւններու եւ մարդոց միջեւ շփումներու ոլորտին մէջ քայլերու իրականացման կարելիութիւններուն։

Տարածքաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդիպումներ կ՚ունենան նաեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ։

Հարկ է յիշեցնել, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ Ուաշինկթընի  մէջ հանդիպման մը կազմակերպումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019