ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ «3D» ՏՈՒՆԸ

Հոլանտայի մէջ կառուցուած է Եւրոպայի առաջին ամբողջութեամբ «3D» տպագրութեան փորձագիտութիւնով տունը։ Այսպէս, հոլանտացի զոյգը տեղափոխուած է Եւրոպայի առաջին, ամբողջութեամբ «3D» տպագրութեան փորձագիտութիւնով կառուցուած տունը, կը հաղորդէ «The Guardian»ը։

Հոլանտացի զոյգը՝ 70-ամեայ Էլիզ Լութց եւ 67-ամեայ Հերի Տեքըրս, ապրիլի վերջաւորութեան ստացած են «3D տան» թուային բանալիներով հանդերձ, ինչ որ մէկ հպումով թոյլ կու տայ բանալ իրենց նոր տան դուռը։

«Ընդամէնը 120 ժամ տեւած է «3D» տպագրութեան փորձագիտութիւնով ստեղծելու համար սոյն տունը», ըսած է «Weber Benelux» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Պաս Կիւիսմըն։

Մինչ այդ, առանձնատունը 94 քառակուսի մեթր է։ Ան պատրաստուած է 24 պեթոնէ շերտերէ, որոնք առանձին-առանձին տպուած եւ տեղափոխուած են շինարարական հրապարակ, ուր անոնք անվնաս տեղադրուած են տան հիմքի վրայ։

«Շատ գեղեցիկ տուն մըն է։ Ան, կարծես ռումբի ապաստարան ըլլայ. անոր երդիքին տակ մենք մեզ անվտանգ կը զգանք», յայտնած է զոյգը։

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021