ՏՕ­ՆԱ­ԿԱՆ, ԲՆԱ­ԿԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐ­ԴԱՆ­ՇԱ­ԿԱՆ

Սա հրավառութեան դրուագ մը չէ, դժբախտաբար։ Մայիսի 28-ն է այսօր, տօն է Հայաստանի մէջ, Հանրապետութեան տօն… Ափսոս, որ տօնական տրամադրութիւններ չկան երկրին մէջ, ուր կը գերիշխեն նահատակ երիտասարդներու խոր սուգը, պատերազմի ծանր հետեւանքները եւ պետութեան գոյատեւման ուղղեալ սպառնալիքները։ Մայր Հայաստանի երկնակամարին ամիսներէ ի վեր կուտակուած են սեւ ամպեր՝ խիտ, թանձր…

Օրերս յորդառատ անձրեւ էր Երեւանի մէջ։ Հայոց քաղաքամայրին վրայ կայծակներ ծագեցան։ Կարծես բնութիւնը կու գար տօնական վաղահաս հրավառութիւն մը կատարել. փոխարինո՞ւմ… Մայրաքաղաքի խորհրդանշաններէն հեռուստաաշտարակը կը պարզէր ուշագրաւ պատկեր մը, կարծես վերածուած ըլլար շանթարգելի։

Հեռուստաեթերը ինչպէս աշխարհի շատ երկիրներուն, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ իր վրայ կը քաշէ կայծակները. վէճեր, քարոզչութիւն, կողմնորոշում։ Իսկ երբ հրամայական դարձած են ընդհանրականը, համազգայինը, պետականը եւ համախմբումը, ապա երկնակամարին կուտակուած ամպերու յառաջացուցած ելեկտրականացումով հանդերձ, հեռուստաաշտարակը միանշանակ կրնայ ծառայել՝ որպէս շանթարգել…

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021