«ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԵԼԵԿՏՐԱՀԱՂՈՐԴՄԱՆ ՑԱՆՑ» ԾՐԱԳՐԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ օրակարգով խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ քըն-նարկուեցաւ «Կովկասեան ելեկտրահաղորդման ցանց» ծրագրի իրականացման ընթացքը։ Այս ցանցը կ՚ընդգրկէ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրականութեան հաղորդիչ գիծ եւ ենթակայաններ։ Արծարծուեցան տարածքաշրջանային ելեկտրահամակարգերու աշխատանքներու համաժամանակացման հնարաւորութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման գիծերու կառուցման, տարածքաշրջանային ուժանիւթի համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցերու։

Նիկոլ Փաշինեան ժողովի ընթացքին ընդգծեց այս ծրագրի կարեւորութիւնը։ Ան կանգ առաւ Վրաստանի հետ ուժանիւթի արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան ապահովման, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթի համակարգերու տարածքաշրջանային համարկման վրայ։ Ան յանձնարարեց սոյն ծրագրերով նախատեսուած աշխատանքներու իրականացումը։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։                                                

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019