ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, դժբախտաբար, թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս միշտ կը զուգորդուի լարուածութեամբ։ Ներկայիս մեր համայնքը կը դիմագրաւէ հերթական փոթորիկ մը, որ ծնունդ առած է պետական իշխանութիւններու պահանջով տեղապահի ընտրութեան շաբաթ մը յետաձգումով։ Տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը իսկապէս անակնկալ մըն էր եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ պոռթկումի մը։ Մէկ կողմէ համայնքի համբերութեան բաժակի յորդելու վրայ ըլլալը, իսկ միւս կողմէ համատարած պառակտման հետեւանքով յառաջացած անվստահութիւնները վերածուած են լուրջ գործօնի մը, որու հետեւանքով յանկարծ կը ծագին հրդեհներ։

Այս բոլորը կը հաստատուին մեր համայնքէն ներս ներկայիս ստեղծուած իրավիճակով եւ մանաւանդ՝ Պոլսոյ մեր երկու սրբազաններու միջեւ ծագած սուր բանավէճով։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկան խիստ ու ծանրակշիռ յայտարարութիւններով։ Երկու սրբազանները, որոնք տեղապահի անխուսափելի թեկնածուներն են, Եկեղեցականաց համագումարի շաբաթ մը յետաձգման պատճառով հանրութեան առջեւ հակադիր տեսակէտներ, իրերամերժ դիրքորոշումներ կ՚արտայայտեն։ Յարակից մեր սիւնակներուն մէջ նոյնութեամբ կը հրատարակենք երկու սրբազաններու յայտարարութիւններու թրքերէն բնագրերը։ Անշուշտ, կարելի է այդ յայտարարութիւններուն շուրջ մեկնաբանութիւններ ընել եւ զանոնք ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկել։ Այդ յայտարարութիւններու ցոլացուցած մտայնութիւնը, բովանդակած տուեալները, անոնց մէջ ակնարկուած հանգամանքները կրնան չափանիշներ ըլլալ ընդհանուր գնահատականի մը համար։ Եւ ի վերջոյ կարգը անշուշտ կը հասնի խորհրդածութեան, թէ ո՛վ աւելի համոզիչ է, որո՛ւ խօսքը աւելի հիմնաւորուած է եւ կշիռքի վրայ ո՛վ աւելի արդար ըլլալ կը թուի։

Յամենայնդէպս, մենք այսօր ձեռնպահ կը մնանք այդ բոլորը ընելէ։ Յանուն լրագրական պարկեշտութեան, երկու սրբազաններու յայտարարութիւնները կը հրատարակենք կողք կողքի, համահաւասար վերաբերմունքով։ Տեղապահի ընտրութեան բախտորոշ փուլի սեմին վերջնական դատողութեան իրաւունքը կը վիճակի մեր ժողովուրդին, իսկ մենք անշուշտ տակաւին առիթ կ՚ունենանք խորհրդածելու այս բոլորին շուրջ։

Յայտնի է, որ երկու սրբազաններն ալ այժմ ամբողջութեամբ կեդրոնացած են տեղապահի ընտրութեան հեռանկարին վրայ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը մեղադրէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը՝ ինքնագլուխ վարուելու եւ իր լիազօրութիւնները չարաշահելու մէջ։ Այս հիման վրայ ան կը ջանայ սիրաշահիլ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները եւ անոնց զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ՝ տեղապահի ընտրութեան փուլին համար։ Նորին սրբազնութիւնը կը յայտնէ, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եթէ այսպէս վարուի, ապա իր տեղապահութեան շրջանը կրնայ վերածուիլ մղձաւանջի մը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տեսակէտէ։ Իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը պատմէ բոլոր եղելութիւնները ու կը շեշտէ, որ այդ բոլորէն տեղեակ եղած ըլլալով հանդերձ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը ձեւացնէ անհաղորդ մնացած ըլլալ։ Ընդհանուր փոխանորդն ալ բաւական ծանր ոճով հակադարձած է Կրօնական ժողովի ատենապետին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը հարցաքննէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի զիջանման շեմը եւ հոգեւորականաց դասուն կը թողու դատողութիւնը, թէ այդ զիջանման շեմով ան ինչպիսի տեղապահ մը կրնայ ըլլալ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծած է նաեւ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Կրօնական ժողովի նիստերուն ժամանակ յառաջ կը քշէ գաղափարներ, մօտեցումներ, որոնք չեն արժանանար հաւանութեան։ Ան ալ իր իսկ ատենապետած ժողովին մասին գանգատ կը յայտնէ հանրութեան։  

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2019