«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՓՈՐՁԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը այս ամրան պիտի վերակենդանացնէ իր գործունէութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պիտի սկսին համոյթի փորձերը։ Սա համաճարակի շրջանի ստիպողական դադարէն վերջ ողջունելի իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի առողջապահութեան ռիսքերու բերումով Կազդուրման կայանը դարձեալ չի հիւրընկալեր իր սաները։ Ուստի, ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ անոր համալիրը խնամատար մարմնին կողմէ որոշուած է տրամադրել «Մարալ» համոյթին, որ ամրան շրջանին երկար ընդհատումէ մը վերջ պիտի վերսկսի իր փորձերուն։

Կազդուրման կայանէ ներս «Մարալ»ի աշխատանքը պիտի սկսի յաջորդ երկուշաբթի՝ յուլիսի 5-ին։

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021