ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԴԵՐ ՊԷՏՔ Է ՍՏԱՆՁՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, որոնք տարածքաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած էին դէպի Հարաւային Կովկաս, շաբաթավերջին Թիֆլիզի շփումներով եզրափակեցին իրենց ուղեւորութիւնները։ Տեղւոյն ԵՄ-ի առաքելութենէն ներս շրջագայութեան աւարտին առթիւ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին եւրոպացի նախարարները կարեւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով գերեվարուածներու ազատ արձակումը եւ ականապատման քարտէսներու յանձնումը։

ԵՄ-ի կողմէ աննախընթաց նախաձեռնութիւն մըն էր այս այցելութիւնը, որուն մասնակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էին՝ Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրէսքօ, Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլուս Լանտսպերկիս, Աւստրիոյ Եւրոպայի եւ միջազգային հարցերու գծով նախարար Ալեքսանտր Շալլենպերկ, Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւ Միխայէլ Զիպերթ (Արեւելեան գործընկերութեան եւրոպական ծրագրի՝ Ռուսաստանի, Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով կառավարիչ տնօրէն)։ Այս ուղեւորութիւնը իրականացաւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի յանձնարարութեամբ։

Եւրոպացի նախարարները Թիֆլիզի ասուլիսին ժամանակ ընդգծեցին, որ Պրիւքսել պատրաստ է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան աջակցելու։ Նոյն ամբողջին մէջ անոնք վերահաստատեցին ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու անվտանգութեան եւ բարգաւաճման նպաստելու հարցին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի յետպատերազմեան իրավիճակի լոյսին տակ՝ նախարարները ընդգծեցին, որ Եւրոմիութիւնը դերակատարութիւն պէտք է ստանձնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան կառուցման հարցին մէջ։ Բաց աստի, անոնք համոզուած են, թէ Եւրոմիութիւնը այն աշխարհաքաղաքական ուժն է, որ կրնայ կարեւոր առաքելութիւն ունենալ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս ապահովելու կայունութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ բարեփոխումներ, որոնք պիտի նպաստեն տուեալ երկիրներուն՝ դէպի եւրոպական արժէքներ իրենց ձգտումներուն մէջ։ Եւրոպական կողմը համոզուած է նաեւ, որ կայունութեան ու կանխատեսելիութեան կարիքը շատ մեծ է տարածքաշրջանի պարագային։

«Ժամանակն է խօսիլ Եւրոմիութեան դերակատարութեան մասին՝ ամբողջ տարածքաշրջանէ ներս կապեր ստեղծելու իմաստով։ Սա կ՚ըլլայ ճանապարհներու միջոցաւ կամ այլ ենթակառուցուածքներով՝ կազամատակարարում, ելեկտրամատակարարում։ Եւրոմիութիւնը գիտէ, թէ սա ինչպէս պէտք է ընել», յայտնեց մանաւանդ Լանտսպերկիս։ 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021