ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՅՈՒԼԻՍԻ 1-ԻՆ, ԴԱՐՁԵԱԼ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս առաւօտեան դրութեամբ կարեւոր հրապարակում մը կատարուեցաւ։ Այսպէս, յայտնի են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի նոր հանդիպման վայրն ու թուականը։ Ուրեմն, երկու մայրաքաղաքներէն այս առաւօտ նոյնաժամանակ հաղորդուեցաւ, որ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան յուլիսի 1-ին պիտի տեսակցին դարձեալ Վիեննայի մէջ։

Անոնք առաջին անգամ այս տարեմուտին տեսակցած էին Մոսկուայի մէջ։ Յաջորդած էին Վիեննայի երկու հանդիպումները՝ փետրուարին եւ մայիսին։ Սա պիտի ըլլայ Քըլըչի եւ Ռուբինեանի չորրորդ տեսակցութիւնը։ Վերջին օրերուն Երեւանի աղբիւրները հաւանական նկատած էին, որ չորրորդ տեսակցութեան ժամադրավայրը կրնայ ըլլալ Մոսկուան։ Յամենայնդէպս, կողմերու միջեւ համաձայնութիւնը գոյացած է Վիեննայի մէջ մէկտեղուելու նախընթացը տեւականացնելու ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022