ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՒ ՏՄԱՐԴԻ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի լարուածութիւնը դժբախտաբար կը շարունակուի։ Երեւանէն կը հասնին անհաւատալի լուրեր՝ տմարդի արարքներու մասին։ «Հիմնադիր խորհրդարան» ընդդիմադիր խմբաւորման ձերբակալեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակման եւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարման պահանջով ոստիկանական կեդրոն մը բռնագրաւած «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը երէկ պատանդ առաւ խումբ մը բժիշկներ, որոնք այնտեղ պատահած բախումներէն վերջ դէպքի վայր հասած էին շտապ օգնութեան համար։ Զինեալներուն կողմէ շտապ օգնութեան չորս մասնագէտներու պատանդ առնուիլը ստեղծեց լայն արձագանգ, մինչ անոնցմէ մին աւելի վերջ ազատ արձակուեցաւ։ Նախորդ գիշեր պատահած բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած զինեալ խումբի անդամներէն Փաւել Մանուկեան եւ իր որդին՝ Արամ Մանուկեան արդէն առնուած են հսկողութեան տակ։ Փաւել Մանուկեանի գիտակցութիւնը թէեւ բաց է, սակայն վիճակը կը մնայ ծանր, ան կը շնչէ արհեստական սարքի օգնութեամբ։ Իր որդին՝ Արամ Մանուկեան արդէն տեղափոխուած է դատապարտեալներու հիւանդանոց։ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները երէկ թոյլ չտուին, որ նոյնիսկ բռնագրաւեալ ոստիկանական տարածք մուտք գործէ Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան։ Անոնք օրուան ընթացքին կոչ ուղղեցին լրատուամիջոցներուն՝ որպէսզի յուզականութիւն ստեղծելով չազդեն հանրային կարծիքին վրայ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երեկոյեան ժամերուն հաղորդեց, թէ զինեալ խումբի կարգ մը անդամները բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոնի տարածքէն ներս կը պահուին, հակառակ իրենց կամքին։ Ոստիկանութիւնն ալ յիշեցուց, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պարբերաբար եւ ամենատարբեր միջոցներով կը զգուշացնէ զինեալ խումբի անդամները, որպէսզի անոնք զէնքերը թողուն եւ յանձնուին։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց նաեւ որ անոնք թէեւ տակաւին ժամանակ ունին, սակայն համբերութեան սահմանը կը մօտենայ։
Երեւանի կեդրոնին ընդդիմութեան ցոյցերն ու երթերն ալ կը շարունակուին։ Ոստիկանները երէկ միջոց մը ոստիկանատուն տարին ընդդիմութեան հանրահաւաքին մասնակցած սփիւռքահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, որ սակայն աւելի վերջ ազատ արձակուեցաւ ու տեղեկացուեցաւ, թէ ոստիկանատուն տարուած էր թիւրիմացութեամբ։
Կը հաղորդուի, որ ձերբակալեալներու շարքին է նաեւ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեան։