ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՏԱՐԱՆՑԻԿ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐ

Ի­րան կը պատ­րաս­տուի ե­ռա­պատ­կել դէ­պի Հա­յաս­տան մա­տա­կա­րա­րած կա­զին ծա­ւա­լը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Թեհ­րան կը ծրագ­րէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով կազ ա­ռա­քել նաեւ դէ­պի Վրաս­տան։ Այս­պէ­սով Հա­յաս­տան հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ դառ­նա­լու կա­զի տա­րանց­ման եր­կիր։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Թեհ­րա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Լե­ւոն Եո­լեան։ Զու­գա­հե­ռա­բար Ի­րա­նի Նաւ­թի նա­խա­րար Պի­ժան Նամ­տար-Զան­կա­նէ յայտ­նեց, որ Թեհ­րան կը ծրագ­րէ Հա­յաս­տան ա­ռա­քած կա­զի ծա­ւա­լը օ­րա­կան 1 մի­լիոն խո­րա­նարդ մեթ­րէն 3 մի­լիոն խո­րա­նարդ մեթ­րի։

Ըստ Զան­կա­նէի, Եո­լեա­նի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուած է հայ­կա­կան կող­մին ա­ռա­ջար­կը՝ հիմ­նե­լու հա­մար նոր ըն­կե­րու­թիւն մը՝ որ պի­տի զբա­ղի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կա­զի ծրագ­րե­րով եւ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րով։ Հա­յաս­տա­նեան այդ նոր ըն­կե­րու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տու պի­տի ըլ­լայ նաեւ դէ­պի Վրաս­տան ու­ժա­նիւ­թա­կիր­նե­րու տա­րանց­ման հար­ցով։ Ի­րան­ցի նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ այդ կազ­մա­կե­պու­թեան մի­ջո­ցաւ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին յա­ռա­ջի­կա­յին կա­զի ուղ­ղա­կի վա­ճառք­նե­րու պայ­մա­նագ­րե­րը եւ կա­զի հա­ւա­նա­կան տա­րան­ցու­մը դէ­պի այլ տա­րած­քաշր­ջան­ներ։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ բնական կազի ամբողջ ցանցը ապապետականացուած է Ռուսաստանի Կազփրոմ ընկերութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016