Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՆՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԱԼՆԵՐ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով երէկ նոր կասկածեալներ հսկողութեան տակ առնուեցան։ Իսթանպուլի եւ Թրապզոնի մէջ կազմակերպուած գործողութիւններուն հիման վրայ հինգ զինուորական առնուեցաւ հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան TEM-ի բաժանմունքը տարուեցան այդ կասկածեալները։ Թրապզոնի մէջ ձերբակալուած կասկածեալն ալ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլ։
Բոլոր ձերբակալեալները պատկան մարմիններուն կողմէ ուղարկուեցան դատախազութիւն։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ ձերբակալեալներու շարքին կը գտնուի մահափորձի առանցքային կազմակերպիչներէն մին։
Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016