ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հա­մա­ձայ­նած են ԵԱՀԿ-ի դի­տոր­դա­կան խում­բի ընդ­լայն­ման շուրջ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին եւ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին եր­կայն­քով։ Ռու­սա­կան «Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան ընդգ­ծեց, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն կ՚աշ­խա­տին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ նա­խա­գահ­նե­րու ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ շրջագ­ծին մաս կը կազ­մէ լա­րուա­ծու­թեան թու­լա­ցու­մը եւ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի հե­տա­գայ յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը։ Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով, կը ծրագ­րուի կար­գա­ւոր­ման ըն­դար­ձակ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու տե­ւա­կա­նա­ցու­մը՝ իւ­րա­քան­չիւր կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու ներգ­րաւ­մամբ։ Ան յի­շե­ցուց, որ հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թեան թու­լաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ուղ­ղու­թեամբ յա­ռա­ջըն­թա­ցը։

Ո­ւոր­լիք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յայտ­նեց, թէ միջ­նորդ­նե­րը Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հա­ւա­նա­կան նոր հան­դի­պու­մէն կ՚ակն­կա­լեն յա­ռա­ջըն­թաց։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2016