Երկուշաբթի 27, Յունուար 2025
ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փրակ, ուր իր պաշտօնակցին հետ վարած բանակցութիւններուն առընթեր, Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլոշ Վիսթրչիլի կողմէ ալ հիւրընկալուեցաւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան հերթական անգամ կանգ առաւ Ատրպէյճանի հայ ռազմագերիներու հարցին վրայ։
Զրուցակիցները շօշափեցին Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Բաց աստի, անոնք անդրադարձան Հայաստան-Եւրոմիութիւն կապերու ամրապնդման եւ ԵՄ-ի արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան։
Հարկ է նշել, որ Չեխիա ներկայիս Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։
Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022