ԵՒ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով՝ Քո­պա­նի քա­ղա­քէն Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած ե­րեք հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն եր­կու­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի մեկ­նին Հա­յաս­տան։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, սու­րիա­հայ այս ե­րեք ըն­տա­նիք­նե­րը ա­պաս­տան գտած էին AFAD-ի Սու­րու­չի՝ ա­պաս­տա­նեալ­նե­րուն յատ­կա­ցուած վրա­նա­յին ճամ­բա­րին մէջ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան փու­թա­ցած էր ա­նոնց այ­ցե­լու­թեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի։ Այդ այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն հե­տա­մուտ ե­ղած է սու­րիա­հայ այդ ըն­տա­նիք­նե­րու խնդիր­նե­րու լուծ­ման։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­նոնք փա­փաք յայտ­նած էին Հա­յաս­տան մեկ­նե­լու, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըս­տայդմ ուղ­ղու­թիւն տուած է Պատ­րիար­քա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը շփման մէջ ան­ցած է պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ՝ թէ՛ Թուր­քիա­յէն եւ թէ Հա­յաս­տա­նէն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հե­տա­մուտ ե­ղած է, որ­պէս­զի Հա­յաս­տան մեկ­նիլ փա­փա­քող եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րու հար­ցը լու­ծուի ա­րագ ձե­ւով։ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան կապ հաս­տա­տած է Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, ա­ւե­լի վերջ ալ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հետ՝ որ­պէս­զի վերջ­նա­կան լու­ծում մը գտնուի՝ սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թեան հա­մար։ Գոր­ծըն­թա­ցի սկիզ­բին գաղ­թա­կան ե­րեք ըն­տա­նիք­ներն ալ կը փա­փա­քէին մեկ­նիլ Հա­յաս­տան, ըն­թաց­քին սա­կայն ա­նոնց­մէ մին հրա­ժա­րե­ցաւ այդ նա­խընտ­րու­թե­նէն։ Ներ­կա­յիս, Հա­յաս­տան մեկ­նիլ փա­փա­քող եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րու պա­րա­գա­յին ըն­թա­ցա­կար­գը զար­գա­ցած է բա­րե­յա­ջող հու­նի մը մէջ եւ ար­դէն վերջ­նա­կան հանգ­րուա­նին հա­սած։

Ել­քի ու մուտ­քի ժա­մա­նակ խնդիր­նե­րը կան­խե­լու հա­մար ստեղ­ծուած են անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը, ա­պա­հո­վուած՝ անհ­րա­ժեշտ փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այս Կի­րա­կի այդ եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րը Հա­յաս­տան պի­տի մեկ­նին՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ո­րո­շած է ան­ձամբ հե­տե­ւիլ սու­րիա­հայ այս եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րու Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­կան իշ­խա­նու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յանձն­ման հանգ­րուա­նին։ Ան այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ Չո­րեք­շաբ­թի պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս։

Հարկ է նշել, որ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօ­տ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015