ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ

Սուրիահայ բժիշկ Յակոբ Յովակիմեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հերոսի բարձրագոյն կոչման։ Ան յայտնի սրտաբան մըն է եւ այս կոչումին արժանացած է՝ բազմաթիւ կեանքեր փրկած ըլլալու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի բերումով։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրի հիման վրայ իրեն շնորհուած է «Հայրենիքի շքանշան»ը, որ կը տրուի ազգային հերոսներուն։ Երէկ, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց այս լուրը։

Բժիշկ Յակոբ Յովակիմեան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսի կոչման արժանացած առաջին բժիշկն է։ Ան կը հանդիսանայ 19-րդ անձնաւորութիւնը, որ կ՚արժանանայ այս բարձրագոյն կոչումին։ Երեւանեան աղբիւրները կը յիշեցնեն, որ տարեսկիզբին Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան խնդրանք ներկայացուցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որպէսզի ան նախագահ Արմէն Սարգսեանին առաջարկէ՝ Յակոբ Յովակիմեանը պարգեւատրել «Հայրենիքի շքանշան»ով։

Վարչապետի միջնորդութեան հիման վրայ՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի տրամադրութիւններով Յակոբ Յովակիմեանին Ազգային հերոսի կոչում շնորհուած է՝ առողջապահութեան զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, սրտի բարդ վիրահատութիւններու նորարարական բժշկական կեդրոն ստեղծելու, մեծաթիւ նոր մասնագէտներ պատրաստելու, բազմաթիւ կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար։ 

Հարկ է նշել, որ «Հայրենիքի շքանշան»ը կը յանձնուի երկրի պաշտպանութեան, իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցուած համազգային նշանակութեամբ բացառիկ ծառայութիւններու համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020