ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴԸ

Յայտնի դարձաւ անունը պատմութեան մէջ առաջին այն անձաւորութիւնը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ ամերիկեան տոլարը։ Այսպէս, աշխարհի ամենահարուստ մարդը՝ Amazon ընկերութեան ղեկավար Ճեֆ Պեզըս, դարձած է պատմութեան մէջ առաջին միլիառատէրը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ տոլարը: Forbes հանդէսը իր կողմէ կը կազմակերպէ Forbes Real-Time վարկանիշը, որ միլիառատէրերու հարստութեան կը հետեւի վերջին ժամանակներուն։

Հանդէսին մէջ կը նշուի, որ ներկայիս միլիառատէրերը չեն կրնար մնալ այդ նշագիծին վրայ։ Իսկ օգոստոսի 26-ի վարկանիշի տուեալներով, Պեզըսի հարստութիւնը կը գնահատուի 199.7 միլիառ ամերիկեան տոլար: Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ այդ գնահատումը նոր մրցանիշ մըն է Պեզըսի համար. յուլիսի սկիզբէն ի վեր ցուցանիշը մշտապէս կը բարձրանայ:

Այսպէս, յուլիսի 2-ին միլիառատէրի հարստութիւնը գերազանցած է նախորդ՝ 2018 թուականի սեպտեմբերի 4-ի մրցանիշը եւ կազմած 172 միլիառ տոլար:

Այս իրավիճակը կը դիտուի Amazon-ի բաժնետոմսերու արժէքի շարունակական աճի հեռապատկերին վրայ. օգոստոսի 25-ի արդիւնքներով այն աճած է 1.18 տոկոսով՝ մինչեւ մէկ հատի համար 3346.49 տոլար, իսկ ընկերութեան դրամագլուխը բարձրացած է մինչեւ 1.68 թրիլիոն տոլար: Պեզըսին կը պատկանի Amazon-ի բաժնետոմսերու 11.1 տոկոսը, ինչպէս նաեւ Forbes-ի վարկանիշը կը գլխաւորէ 2017 թուականէն ի վեր:

Amazon-ը աշխարհի ամենամեծ առցանց-ընկերութիւններէն մէկն Է: Բացի Միացեալ Նահանգներէն, ընկերութիւնը աշխատանք կը ծաւալէ Գանատայի, Չինաստանի, Պրազիլի, Ճաբոնի եւ Եւրոպայի երկիրներու մէջ: Amazon.com առցանց-խանութը աշխատանքի սկսած է 1995 թուականի յուլիսին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020