ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Արձակագիր եւ թարգմանիչ Վարուժան Նալպանտեան ծնած է 14 դեկտեմբեր 1929  թուականին՝ Գահիրէ, Եգիպտոս։ Ան 2010 թուականի օգոստոսի այս օրը մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ դարձած է 1971 թուականին։

Վարուժան Նալպանտեան ուսանած է ֆրանսական, ապա հայկական դպրոցներու մէջ։ Աւարտած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառի Հոգեբանութեան, տրամաբանութեան եւ հայոց լեզուի ֆաքիւլթէն։ Հեղինակ է թատրերգութիւններու եւ արձակ ստեղծագործութիւններու, որոնց մէջ ելակէտերը եղած են գոյութենականութիւնը, երազային իրապաշտութիւնը, երեւակայական իրապաշտպութիւնը։ Ան իր թատրերգութիւններուն մէջ անդրադարձած է աստուածաշնչական նիւթերու, իսկ դիմաստուերները (դիմաստուեր՝ փորձագրութիւն կամ էսսէ, որ գրականագիտութեան գրելաոճերէն մէկն է։ Ազատ ոճով գրուած եւ հեղինակի խորհրդածութիւններով յագեցած ակնարկ, յօդուած՝ նուիրուած որեւէ ստեղծագործութեան կամ գրողի վաստակի ընդհանուր բնութագրման։) կ՚անդրադառնան համեմատական աստուածաբանութեան։

Ստեղծագործութիւնները տպագրուած են մամուլի էջերուն. օրինակ՝ «Գարուն», «Նորք», «Նոր-Դար», «Կանչ», «Այսօր», «Ֆօն Ֆօն», բեմադրուած են Կիւմրիի ու Երեւանի թատերական կաճառներէն ներս՝ որպէս աւարտական աշխատանք։ 1990-ականներրուն համագործակցած է «Այսօր» շաբաթերթին հետ։

Բնագրերէն թարգմանած է Ժան Փոլ Սարթրի, Ալպէր Քամիւի, Էօժէն Իոնէսքոյի, Անույի, Տիւրասի, Արթուր Ադամովի, Ժոզէֆ Պետիէի, Մորիս Տրիւոնի, Էնրիքօ Տրիոլի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։ Վարուժան Նալպանտեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէնի, սլովերէնի։

Նալպանտեանի երկերն են հետեւեալները՝ «Խայտաբղէտ խոհագրութիւն», «Ձմեռ պապին ածիլեցին», «Հրաժարեալները», «Բիբլիական թատերապատում, գիրք 1-2», «Տրդատ Երրորդ», «Ռադամես», «Այ քեզ բան», «Կայէն», «Մամոնտը եւ պապոնտը», «Այս նաւը ե՞րբ պիտի շարժուի», «Բուն եւ արեւածաղիկը», «Դարպասը երրորդ յարկում», «Կրկէսային երազանքներ», «Այս պատմութեան մէջ ի՞նչն է ճիշդը», «Անցումը», «Ձմեռ պապը գարնանը», «Անծանօթ աղջիկը», «Ձմեռ տատը», «Հրաչիկը - ձկան իւղը»։ Ֆրանսերէնէ թարգմանած է՝ «Թրիստանի եւ Իզոլտայի սիրավէպը», «Ադամանդ որոնողները», «Փիլիսոփայական եւ գեղագիտական երկեր», «Այս աշխարհի հզօրները», «Աւինիոնի սիրահարները» եւ այլն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020