ԾԱՆՐ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Անատոլու» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ Թուրքիան եւս կողմ է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան։ Աշխարհաքաղաքական եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու ամբողջին մէջ Հուլուսի Աքար անդրադարձաւ անցեալ ամիս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Թուրքիան եւս հակամարտութեան կողմ է՝ հանդիսանալով եղբայրական պետութեան եւ անոր իրաւունքներու պաշտպանութեան կողմնակից։ Հայաստանի յարձակողական կեցուածքը դատապարտելի է։ Հայաստան խելամիտ չի վարուիր, կ՚ապաւինի իր ետեւը կանգնած ուժերուն, սեփական կարողութիւններէն վեր քայլերու կ՚երթայ»։

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ վերջերս տեղի ունեցած Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ զօրավարժութիւններուն։ Ըստ իրեն, նմանօրինակ միջոցառումները ցոյց կու տան Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին ի նպաստ եւ սա պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ։

Հուլուսի Աքար շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Ա-տըրպէյճանի համար ցուցաբերուած զօրակցութեան պարագային սակարկութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Հայաստանի կողմէ կատարուած յարձակումը չունի որեւէ հիմնաւորում եւ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ բոլորը նկատեն այս հանգամանքը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հուլուսի Աքար անդրադարձած է նաեւ պատմական խնդիրներու վերաբերեալ տարակարծութիւններուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020