ԾՓԱՑՈՂ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆ

Ամերիկեան Apple աշխարհահռչակ ընկերութիւնը Սինկափուրի մէջ կը բանայ իր առաջին պաշտօնական խանութը ջուրի վրայ:

Ամերիկեան փորձագիտական հսկայի արտադրանքներու նոր խանութ-սրահը կը յայտնուի Marina Bay Sands հանգստավայրի շէնքին մէջ՝ գտնուելով ջուրի վրայ: Գնդաձեւ կառոյցը կը պատկանի Avalon անունով գիշերային ակումբին:

Նախօրէին գունդի տեսք ունեցող շինութեան ճակատային մասին վրայ լուսաւորմամբ պատկերուած է Apple-ի խորհրդանշանը: Ընկերութենէն վստահութիւն յայտնած են, որ նոր խանութի բացման համար եղած ծախսերը պիտի արդարանան, հակառակ քորոնաժահրի համավարակի ներկայ շրջանին:

Apple ընկերութեան «ջրային» խանութը երրորդը կ՚ըլլայ Սինկափուրի մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020