ՇԱՀԵԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Յայտնի արուեստագէտ, թատերական գործիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Ան ո՛չ միայն յայտնի դերասան մը եւ բեմադրիչ մըն է, այլեւ՝ քաջատեղեակ թատրոնի պատմութեան։ Օսմանեան թատրոնի մէջ հայոց դերակատարութեան ու ներդրումին վերաբերեալ երէկուան ելոյթը արժանացաւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ «Քամոս»ի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը վարեց իրաւաբան Էլիֆսու Տիլէք Շէն։ Շուրջ մէկուկէս ժամ բացատրութիւններ տուաւ օրուան նիւթին շուրջ՝ մինչ տեսողական առարկաներու մատուցման համար իրեն կ՚օգնէր Սէրտա Արսլան։ Ատենախօսը պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Հարկ է նշել, որ Պօղոս Չալկըճըօղլու վերջին շրջանին հանդէս կու գայ նմանօրինակ ելոյթներով, որու նախորդը տեղի ունեցած էր Պալաթի սրճարաններէն մէկուն մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020