ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ՈՐՈՇԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ որոշած է վերադառնալ իր երկիրը։ Նախագահական աթոռէն հեռանալէ վերջ ան լքած էր Վրաստանը ու երկար ժամանակ ապրած՝ Ուքրայնոյ մէջ զբաղեցնելով զանազան պաշտօններ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սահակաշվիլի հրապարակեց տեսաուղերձ մը, որու մէջ նշեց, որ Ուքրայնան իր երկրորդ տունն է եւ իբր այդ յայտնեց շնորհակալութիւն։ Այժմ Սահակաշվիլի որոշած է վերադառնալ հայրենիք։

Սահակաշվիլի քանիցս արտայայտուած էր Վրաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին։ Ըստ իրեն, ինք չի ճանչնար Վրաստանի ներկայ ղեկավարութեան օրինականութիւնը եւ պատրաստ է ընտրութիւններու ժամանակ պայքարելու առաջնագծի վրայ։

Սահակաշվիլիի յայտարարութիւններուն հետեւանքով դիւանագիտական տագնապ մը յառաջացած էր Վրաստանի եւ Ուքրայնոյ միջեւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020