ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԴԻ ՊԱՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի մէջ ընթացք առած է «SUMMEET» արդի պարի միջազգային ամառնային փառատօնը, որ աւարտին պիտի հասնի շաբաթավերջին։ Առաջին անգամ կը կազմակերպուի այս փառատօնը։ Նախագիծը կեանքի կը կոչուի խումբ մը արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ։ Արտադրողի դերը վիճակած է Հայկ Վարդանեանին, որ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի Օփերայի սթիւտիոյի տնօրէնն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագրին ներգրաւուած արուեստագէտները մամլոյ ասուլիս մը սարքելով բացատրութիւններ տուին նախաձեռնութեան բնոյթին եւ անոր վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ։ Անոնց հետ էր նաեւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, որ ներկայիս երաժշտանոցի Օփերայի սթիւտիոյի գեղարուեստական ղեկավարն է։ Իր խօսքով՝ այս փառատօնը առիթ մըն է, որպէսզի Հայաստանի անունը քանի մը անգամ աւելի հնչէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021